image

Ընթացք առաւ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Արժանապատւութիւն» խորագրով երթը (Տեսանիւթ) (Լուսանկարներ)

Ընթացք առաւ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Արժանապատւութիւն» խորագրով երթը (Տեսանիւթ) (Լուսանկարներ)

Այս պահուն Երեւանի օփերայի հրապարակին մէջ գտնուող Արամ Խաչատուրեանի արձանի մօտէն ընթացք առաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող եւ «Արժանապատւութիւն» խորագրին տակ եղած երթը:

Նշենք, որ «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Երաւանի իր աղբիւրէն:

Երթին կը մասնակցէին գլխաւորաբար երիտասարդներ: Երթը կազմակերպուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական թեւին կողմէ: