image

Պատերազմէն ետք Ատրպէյճան առաջին անգամ ըլլալով յայտնեց իր զոհերուն մասին

Պատերազմէն ետք Ատրպէյճան առաջին անգամ ըլլալով յայտնեց իր զոհերուն մասին

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած առաջին պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհուած է 2783 զինծառայող: Այս մասին կը հաղորդուի ռազմական գերատեսչութեան դիմատետրեան էջին մէջ:

Աւելի քան 100 ատրպէյճանցի զինծառայող կը համարուի անյայտ կորսուած, 1 245 մարդ կը շարունակէ բուժումը:

Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ աւելի ուշ գերատեսչութիւնը տեղեկատւութիւն պիտի հրապարակէ զոհուած զինծառայողներու անուններու, ծննդեան ամսաթիւի եւ երթուղիներու վերաբերեալ. այս հարցով ներկայիս կը զբաղուի յատուկ յանձնաժողովը: