image

Հալէպ. Մահացած է ՀՄՄ-ի նուիրեալ պատանիներէն ՝ Ալեքսան Հէքիմեանը

Հալէպ. Մահացած է ՀՄՄ-ի նուիրեալ պատանիներէն ՝ Ալեքսան Հէքիմեանը

Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հալէպի ՀՄՄ-ի ընտանիքի անդամներէն Ալեքսան Հէքիմեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։

Մեր ունեցած տուեալներով Ալեքսան մահացած է վերջին օրերուն առողջական բարդացումներու հետեւանքով։

Հանգուցեալի յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը տեղի ունեցած են այսօր, Հալէպի  Սուրբ Աստուածածին  եկեղեցւոյ մէջ, ի ներկայութիւն հարազատներու, ընտանիքի բարեկամներու, ինչպէս նաեւ հանգուցեալի միութենական ընկերներուն։

Նշենք, որ 18 տարին դեռ չբոլորած  Ալեքսան սիրուած երիտասարդ մըն էր ՀՄՄ-ի, ինչպէս նաեւ ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի շրջանակներուն մէջ։

Ան անդամ էր ՀՄՄ-ի ֆանֆարին եւ մեծ աշխուժութեամբ կը մասնակցէր գաղութային կեանքին։