image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է Պէյրութահայ՝ Յովհաննէս Եագուպեանը

«Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է Պէյրութահայ՝ Յովհաննէս Եագուպեանը

Լիբանանի տարածքին «Քորոնա» համավարակով բարդ իրավիճակը կը շարունակուի եւ ամէնօրեայ դրութեամբ ցաւալիօրէն տասնեակ զոհեր կը գրանցուին։

 

 «Արեւելք»ի  ունեցած վերջին տուեալներով Լիբանանահայ համայնքը ունեցած է նոր կորուստ մը ՝ Յովհաննէս Եագուպեանը։

 

 Հանգուցեալը եղած է ՀՅԴաշնակցութեան անդամ եւ հաւատարիմ կուսակցական  Պուրճ Համուտի  ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէութեան։

 

 

Հանգուցեալի նախահայրերը ճողոպրած էին Ցեղասպանութիւնէն եւ շրջան մը ապրած՝ Երուսաղէմ, ապա Դամասկոս եւ վերջապէս հաստատուած՝ Պէյրութ։

 

 Շրջապատին կողմէ սիրուած եւ յարգուած գաղափարի մարդ ընկ. Յովհաննէսը (Ծնած 1955-ին) հայր էր 3 զաւակներու։