image

Կլիմայական պայմաններու բերումով Երեւանի մէջ հարիւրաւոր ինքնաշարժի արկածներ

Կլիմայական պայմաններու բերումով Երեւանի մէջ հարիւրաւոր ինքնաշարժի արկածներ

 

19 Յունուարին, հանրապետութեան մէջ տեղացած առատ ձիւնի պատճառով միայն Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է մօտ 200 ինքնաշարժի արկած: Այս մասին կը յայտնէ SHAMSHYAN.com-ը:

 

Նշուած վթարներէն 7-ի պարագային տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով հիւանդանոցներ տեղափոխուած են քաղաքացիներ, իսկ մնացածը եղած են նիւթական վնասներով:

Ինչպէս կը յայտնէ ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, ժամը 14:30-ի սահմաններուն Աւան վարչական շրջանի Պապաճանեան փողոցին մէջ՝ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի տան դիմաց, բախուած են Toyota մակնիշի 010 HH 11 համարանիշի, Toyota մակնիշի 71 AA 888 համարանիշի, Renault մակնիշի 787 AM 61 համարանիշի եւ Opel մակնիշի 36 OM 371 համարանիշի մեքենաները:

Վթարի հետեւանքով, բարեբախտաբար, տուժածներ չկան, իսկ վթարի պատճառը եղած է ճանապարհէն չհեռացուած ձիւնը:

Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ Toyota մակնիշի 010 HH 11 համարանիշի մեքենան կը պատկանի նախկին Հանրապետական, յետոյ արդէն «Իմ քայլը» պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեանին: Renault-ն ալ հաշուառուած է «Վէոլիա Ջուր» ընկերութեան հաշուեկշռին մէջ: Ոստիկանութիւնը կը պարզէ վարորդներու ինքնութիւնը: