image
Հրատապ լուրեր:

«Յանուն առողջ հանրութեան» ԱՄԷ-ի Առաջնորդ՝ Տ. Մեսրոպ Սրբազան պատուաստման մասին իր փորձառութիւնը պատմած է (Տեսանիւթ)

«Յանուն առողջ հանրութեան» ԱՄԷ-ի Առաջնորդ՝ Տ. Մեսրոպ Սրբազան պատուաստման մասին իր փորձառութիւնը պատմած է (Տեսանիւթ)

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան օրերս «Քորոնա»ի դէմ պատուաստ ստացած է։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

 

 Սրբազանը, որ այս առթիւ ալ մասնակցած է Էմիրութիւններու առողջապահական ոլորտի պատասխանատուներուն կողմէ նախաձեռնուած եւ պատուաստը խթանելու միտող հաղորդումի մը դրական գնահատական տուած է երկրի մարմիններուն կողմէ «Քորոնա»ի դէմ տարուող աշխատանքներուն։

 

 Ան խօսելով պատուաստումի օգտակարութեան եւ կարեւորութեան մասին մասնաւորապէս ըսած է ՝ «Այս ժամանակներուն «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումը հարկաւոր դարձած է, որպէսզի կարողանանք բնականոն կեանքի վերադառնալ եւ պատուաստը որ ես ստացայ այդ ապահովութեան հիմնական գրաւականն է»։

 Սրբազան հայրը նաեւ նկատել տուած է, որ կարգ մը քաղաքացիներու կողմէ հարուցուած կասկածները պարզապէս անհիմն են եւ այս առումով ըսած ՝ «Կը զարմանամ, որ ժողովուրդին մէջ կան մարդիկ, որոնք պատուաստուելու գաղափարին տակաւին համաձայն չեն, տեսակ մը անհասկնալի վախ կայ մարդոց մօտ որն անպայման պէտք է փարատի» ըսած է Սրբազանը։

 

 Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ «Քորոնա»ի հետեւանքով եւ հասկնալի պատճառներով հայկական համայնքային կեանքին մէջ առկայ դժուարութիւնները շուտով կը վերանան։