image
Հրատապ լուրեր:

Ինչքանով օգտակար է դափնիի տերեւ այրել տան մէջ. 5 Հիմնական պատճառներ

Ինչքանով  օգտակար է դափնիի տերեւ  այրել տան մէջ.  5 Հիմնական պատճառներ

Դափնիի տերեւի օգտակարութիւնները շատ են, ան հարուստ է առողջարար բաղադրութիւններով, կ'օգտագործուի կարգ մը հիւանդութիւններ բուժելու համար, նաեւ խոհարարութեան մէջ:

Դափնին այրելով կարելի է մաքրել տան օդի ապականութիւնը, ձերբազատուիլ բացասական ազդեցութենէն, նոյնիսկ լիցքաթափուիլ առօրեայ յոգնածութենէն: Այս  բոլորէն   զատ  կան  հիմնական  հինգ  պատճառներ,  որոնք    դրական կը դարձնեն տան մէջ  դափնի տերեւներ այրելը։

Կը ձերբազատէ յոգնածութենէ

Դափնին կը պարունակէ հանդարտեցուցիչ յատկութիւններ ունեցող նիւթեր, ինչպէս pinene, cineole, alemycin: Տերեւը այրելու ընթացքին, անոնք օդին մէջ կը տարածուին եւ կը հանգստացնեն ջիղերն ու միտքը:

Կը ձերբազատէ անքնութենէ

Դափնին, ուրիշ շատ մը բոյսերու եւ ծաղիկներու պէս, կը պարունակէ Linalool, որ յայտնի է ճնշուածութիւնը հանդարտեցնող յատկութեամբ:

Ամերիկեան անզգայացնող հիւանդապահուհիներու  միութեան վերջերս կատարած ուսումնասիրութեան համաձայն՝ լինալոլը կ'օգնէ մեղմացնելու անձկութիւնը եւ աւելի հաղորդակից կը դարձնէ իր ազդեցութեան տակ գտնուող անձերը: Ուսումնասիրութիւնը փաստած է նաեւ, որ դափնիի տերեւը այրելով ու 10 վայրկեան անոր արտադրած նիւթերը շնչելով, կը զգացուի լինալոլին ազդեցութիւնը:

Կը լաւացնէ շնչառական համակարգը

Դափնին կը բանայ շնչառական փակ ուղիներն ու թոքերը, ան կը քայքայէ շնչափող հաւաքուած խորխն ու լորձը:

Շնչառական հարցերը թեթեւցնել միտումով, կարելի է կամ այրել տերեւները, կամ պարզապէս ձգել ջուրին մէջ մինչեւ գոլորշիանայ  շոգին, կամ կարելի է դափնիի իւղէն պատրաստուած քսուկներով մերսել կուրծքի շրջանը:

Կը մաքրէ բնակարանը միջատներէ  

Դափնիի տերեւը այրելու հետեւանքով յառաջացած նիւթերը տհաճ ազդեցութիւն ունին միջատներուն վրայ: Պարբերաբար գործածելով այս միջոցը, անցանկալի միջատները՝ ինչպէս խաւարասերները կը հեռանան բնակարանէն:

Կ'օգնէ փափաքներու իրականացման

Ըստ հին յունական առասպելին, այն ժամանակուայ սրբավայրերուն մէջ, աղօթքի ծէսերու մէկ մասնիկն էր դափնիի տերեւները այրելը: Անոնք կը գրէին ցանկութիւններ, կ'աղօթէին, ապա դափնիի տերեւները այրելէն ետք քամիին կու տային, զանոնք իրականանալու մաղթանքով:

Ապահովական ցուցմունքներ

Դափնիի օգտակարութիւնները վայելելու համար, պէտք է ճիշդ կերպով այրել զայն:

Դափնիի չոր տերեւներ վերցնել, դնել համապատասխան յարմար պարփակող կաթսայի մը մէջ ու այրել, այրած ատեն ձգել սենեակին մէջ, փակել դուռը, որպէսզի բոյրը տարածուի: Նախընտրելի է սենեակէն մեկնիլ, սակայն հարկաւոր է ուշադիր ըլլալ այրած ատեն, ապահովութեան համար: Տերեւները ամբողջապէս այրելէն ետք, զգուշութեամբ մարել մոխիրը:

 

 

«Արեւելք»ի համար  քաղեց՝  Թ.Գ.