image
Հրատապ լուրեր:

2 Լիբանանահայեր գերի ինկած են Պաքուի մօտ. Լուրը տարարած են Ատրպէյճանեան աղբիւրներ

2  Լիբանանահայեր   գերի ինկած են  Պաքուի  մօտ. Լուրը  տարարած են Ատրպէյճանեան աղբիւրներ

Ատրպէյճանի մէջ քրէական գործ յարուցուած է Լիբանանի երկու քաղաքացիներու դէմ՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մասնակցելու համար, յայտնած է «Թուրան» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմիններու իր աղբիւրներուն։

Լրատուամիջոցի տուեալներով՝ Յակոբ Աբրահամի Թերզեան եւ Յակոբ Խաճիրեան կը մեղադրուին շարք մը ծանր յանցանքներով, ներառեալ՝ ահաբեկչութեան մէջ։

Թէ երբ եւ ինչ պայմաններով ձերբակալուած են հայազգի Լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։