image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ կորուստ. Մահացած է ՀՅԴ-ի քաջ զինուորներէն ՝ Յովհաննէս Մանաքեան (Ընկ. Հաժ)

Պէյրութի մէջ կորուստ. Մահացած է ՀՅԴ-ի քաջ զինուորներէն ՝ Յովհաննէս Մանաքեան (Ընկ. Հաժ)

Պէյրութէն տխուր ստացանք, մահացած է ՀՅԴ շրջանականերուն քաջ յայտնի անուն հանդիսացող Յովհաննէս Մանաքեան  յայտնի ՝ ընկ. Հաժ անունով։

 

Հանգուցեալը ծնած է Պէյրութ եւ կանուխ հասակէն անդամագրուած է ՀՅԴաշնակցութեան։

 

 Նախքան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի փուլը ընկ. Հաժ իր  խումբ մը սերընդակիցներուն հետ  եղած է Դաշնակցութեան արժանաւոր գործիչներու   հոգատարութեան կիզակէտին։

 Այդ փուլէն ետք ալ ան աշխուժ մասնակցութիւն բերած է ՀՅԴ-ի համագաղութային գործունէութեան եւ որպէս կուսակցական կազմակերպիչ մասնակցած է հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան գործին։

 

 Զինք ճանչցողները կը վկայեն, որ իր գործունէութեան բոլոր փուլերուն նուիրեալ Դաշնակցականը եղած է քչախօս, լուռ եւ ամէնէն աւելին միութենական գործին ու ոգիին հաւատացող անձնաւորութիւն։

 

 Ընկ. Հաժի մեկնումով կը փակուի կարեւոր էջ մը լիբանանահայութեան եւ ի մասնաւորի ՀՅԴ-ի  ոսկեայ մատեանէն, որ կը յատկանշուի կազմակերպական կուռ բնազդով եւ Պէյրութի նեղ թաղերէն դէպի ամբողջ հայութիւնը ճառագայթող  ազգային ոգիի եւ դաստիարկութեան մեծ շեշտադրումներով։

 

 Հայութեան եւ Հայաստանին հանդէպ ուրոյն սէր ունեցող  հանգուցեալ ընկերը խաղաղ թող ննջէ Պէյրութի  հողին մէջ։