Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն նախկին պատգամաւոր Օրհան Միրօղլուն, որ նաեւ կուսակցութեան Կեդրոնական որոշումներու գործադիր խորհուրդի անդամ է, առաջ քաշած է այն տարօրինակ տեսութիւնը, որ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընն իրականութեան մէջ քիւրտ է, կը հաղորդէ ahvalnews.com թերթը:
Միրօղլուն իր թուիթըրեան էջին գրած է. «Քիւրտ ընկեր մը, որու հետ վերջերս խօսեցայ, ըսաւ, որ չնայած դժուար է հաւատալ, որ այդ լուրջ է, սակայն դժուար չէ կռահել, թէ ինչ է նպատակը: Ինչ-որ մէկն ըսած է, որ Պայտընի իսկական անունը Չիմոյէ Պահատտին Աղա է: Ան կը սերի քրտական ընտանիքէ, որ Երեւանէն ԱՄՆ գաղթած է եւ ծագումով Պիրուկի ցեղէն է»:
Աղբիւրը նկատած է, որ յայտնի մարդոց ազգային ծագման մասին անհաւատալի պնդումները տարիներ շարունակ տարածուած եղած են Թուրքիոյ մէջ: Այդպիսի քննարկում ծաւալած է նաեւ Շեքսպիրի շուրջ, որուն անուան ծագումնաբանութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը բացատրուէր որպէս Շեյխ Պիր:
Յիշեցնենք, որ Պայտըն երկար ժամանակ յարաբերութիւններ ունեցած է քրտական խումբերու հետ: 2003 թուականին ան դիմած է Իրպիլի քրտական խորհրդարանին ՝ ըսելով, որ «սարերը ձեր միակ ընկերները չեն»: Չորեքշաբթի օր Իրաքեան Քիւրտիստանի քիւրտ պատգամաւորները շնորհաւորած էին Պայտընին ԱՄՆ-ի նախագահի պաշտօնն ստանձնելու առթիւ: