image
Հրատապ լուրեր:

10 Ժամ ձիւնաբուքի տակ մնացած երիտասարդը յաջողած է ողջ մնալ

10 Ժամ ձիւնաբուքի տակ մնացած երիտասարդը յաջողած է ողջ մնալ

19 յունուարին 10 ժամ ձիւնաբուքի տակ մնացած եւ ցրտահարուած 17-ամեայ տղուն մօտ կլինիկական մահ արձանագրուած է, սիրտի եւ շնչառութեան կանգնելով: Այս մասին յայտնած է Ապարանի Բժշկական Կեդրոնի տնօրէն՝ Հայկ Շմաւոնեան:

«1 ժամ 15 րոպէ բոլորս՝ վերակենդանացնողները, բժիշկները, բոլոր անձնակազմով սկսեցինք սիրտ-թոքային վերակենդանացում անել եւ երեխայի կեանքը փրկուեց, գիտակցութիւնը  վերկանագնուեց եւ դեռ գտնւում է հսկողութեան ներքոյ»,-  ըսաւ տնօրէնը նշելով, որ տղուն վիճակը այժմ բաւարար է:

Նշենք, որ 19 յունուարին ժամը 16:20-ին, Արագածոտնի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոնը ահազանգ ստացած էր, որ քաղաքացիներ բարձրացած են Ձորագլուխ գիւղի մօտակայ սարը եւ վատ եղանակային պայմաններու ու ձիւնի բարձր շերտի պատճառով չեն կրնար իջնել:

Ըստ ԱԻ նախարարութեան՝ անհրաժեշտ եղած է փրկարարներու օգնութիւնը, որոնք յաջողած են գտնել երկու քաղաքացիներ, որոնցմէ մէկը 17-ամեայ տղան է։

Աղբիւրը նշած է, որ ընտանիքը Ձորագլուխ գիւղէն է,  սակայն նախորդ 7 տարիներուն ապրած է Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Կովսական համայնք եւ պատերազմէն յետոյ կրկին վերադարձած գիւղ:

Նիւթը՝ NEWS.am-էն