image

Հալէպ. «Ղովմի» կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելածէ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսարան

Հալէպ. «Ղովմի» կուսակցութիւնը ներկայացնող  պատուիրակութիւն մը  այցելածէ  ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսարան

Սուրիոյ  «Ղովմի»  կուսակցութեան Հալէնի  գերատեսչութիւնը   ներկայացնող  պատուիրակութիւն մը  գլխաւորութեամբ՝ Թալալ Հուրիի այցելած է Հալէպի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսարան:

 Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնի  դարձաւ Հալէպէն։

 Մեր աղբիւրը նաեւ  նշեց, որ  պատուիրակութիւնը դիմաւորած են գլխաւոր հիւպատոս՝ Արմէն Սարգսեան եւ Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի ներկայացուցիչ՝ զօր. Արկատի Տօնոյեան: Պատուիրակութեան մաս կազմած են  Տիարք՝ Ժոզէֆ Թիւթիւնճեան, Խալէտ Հուրի եւ Յակոբ Նալպանտ-Տըլտըլեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են զանազան հարցեր:

Թալալ Հուրի կարեւորած է գլխաւոր հիւպատոսարանի դերը Հալէպի մէջ, կարեւորելով Սուրիոյ եւ Հայաստանի բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդումը։

 

 Ան նաեւ բարձր գնահատած է Հայաստանի Հանրապետութեան  մարդասիրական առաքելութեան գործունէութիւնը    Հալէպ քաղաքին մէջ: Ան աւելցուցած է, թէ հայ ժողովուրդը բազում զոհողութիւններու ճամբով   կարողացած է կանգուն մնալ եւ  դէմ  դնել  Օսմանեան կայսրութեան   կողմէ  գործադրուած  հայերուն  դէմ եղած   հալածանքին:

Իր հերթին, Հալէպի  մէջ  ՀՀ  գլխաւոր հիւպատոս  Արմէն Սարգսեան ողջունած է պատուիրակութեան  այցը  եւ անդրադարձած,  թէ ինչպէս Սուրիան միշտ գրկաբաց ընդունած է հայ ժողովուրդը, մանաւանդ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերը, անցեալ դարու սկիզբին, եւ թէ անոնց տուած է լիարժէք քաղաքացիական իրաւուքներ: Հիւպատոսը վստահեցուցած է Թէ Հայաստան միշտ պիտի աջակցի Սուրիոյ  քայլերուն ուղղուած  համաշխարհային ահաբեկչութեան դէմ  պայքարին։

Հիւպատոսը նաեւ շեշտած է, թէ Թուրքիա ու Իսրայէլ սատարեցին  Ատրպէյճանին, վերջինիս  Լեռնային Ղարաբաղի  դէմ շղթայազերծած   պատերազմին  ընթացքին, որուն հետեւանքով ալ հազարաւոր հայեր  զոհուեցան։