image

Խօսք յիշատակի.Պէյրութի մէջ «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է Ապրօ Սոմունճեանը

Խօսք յիշատակի.Պէյրութի մէջ «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է Ապրօ Սոմունճեանը

Այսօր Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի ՀՅԴ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի շրջանակներուն ծանօթ անուն հանդիսացող, կուսակցական անդամ եւ տարբեր պարտականութիւններ ստանձնած  Ապրօ Սոմունճեանը։

Այս մասին իմացանք Պէյրութէն։

Նշենք, որ «Քորոնա»է վարակուած Սոմունճեան ամիսէ մը ի վեր  կը գտնուէր հիւանդանոց բուժումներ ստանալու համար։

Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն եւ գաղափարի ընկերներուն եւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ապրօ Սոմունճեանի մահուան առթիւ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէութեան կողմէ պատրաստուած մահագրականը։

 

 

Դաժան մահը մեզմէ մէկիկ-մէկիկ կը խլէ մեր սիրելիները։

Այսօր, ցաւով լսեցինք «Աղբալեան» կոմիտէութեան հաւատաւոր ընկերներէն՝ Ապրօ Սոմունճեանի մահուան բօթը ։

Ան իր կուսակցական գործունէութեան երկար տարիներուն ընթացքին օրինապահ եւ բծախնդիր մօտեցումով վարեց իրեն վստահուած մեծ ու փոքր բոլոր գործերը։

Անշահախնդիր եւ անձնուրաց մօտեցումով կը փութար բոլորին։

Սկզբունքային եւ կարգապահ դաշնակցական ընկերը հաճելի զրուցակից էր մեծին եւ փոքրին հետ։

Երկար զրոյցներու ընդմէջէն ան երբեք չէր պարտադրեր ինքզինք եւ իր համոզումները, այլ կը փորձէր հիմնաւորուած փաստերով՝ ստեղծել քննական մտածողութիւն եւ դաշնակցականավայել դաստիարակիչ մթնոլորտ։ Համբերութեամբ եւ յարգանքով կը մօտենար բոլոր հարցերուն։

Երիտասարդ տարիքէն անդամակցած է ՀՅԴ շարքերուն եւ տարիներու ընթացքին ունեցած է բեղուն կուսակցական գործունէութիւն:

Անդամակցած է «Զաւարեան Ուսանողական Միութեան», ուր անցուցած է կեանքի ամէնէն յիշտակելի օրերը, որոնց մասին միշտ կը խօսէր ու կը պատմէր:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին եղած է իր ընկերներուն հետ, միշտ պատնէշի վրայ։

Տարիներ ետք փոխանցուած է ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէութիւն եւ ստանձնած է կոմիտէի հերթապահութեան պարտականութիւնը:

Ան ջանք չէ խնայած լաւագոյնը տալու եւ ծառայելու իր պաշտած կուսակցութեան:

Աղբալեան կոմիտէութեան անունով խորին ցաւակցութիւն կը յայտնենք սգակից իր գաղափարական ընկերներուն, ընտանիքի անդամներուն, յատկապէս՝ կողակիցին Անիին եւ զաւակին՝ Արամին եւ հարազատներուն։

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ ընկեր Ապրօ՛:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ: