image

Եւրոպայի մէջ. Թուրք դիւանագէտներ կը լրտեսեն ընդդիմադիր գործիչները

Եւրոպայի մէջ. Թուրք դիւանագէտներ կը լրտեսեն ընդդիմադիր գործիչները

Թուրք դիւանագէտներ կը շարունակեն Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ եւ Յունաստանի մէջ հետախուզական տուեալներ հաւաքել նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի քննադատներուն վերաբերեալ, հակառակ հիւրընկալող երկիրներու բազմաթիւ նախազգուշացումներուն Թուրքիոյ վերահսկողութիւնը դադրեցնելու: Այս մասին կը յայտնէ Nordic Monitor-ը` յղում ընելով գաղտնի փաստաթուղթերուն:

Վերոնշեալ հետախուզական տուեալներու հաւաքագրման եւ վերահսկման գործողութիւնները բացայայտուած են 2020-ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Թուրքիոյ անվտանգութեան ընդհանուր վարչութեան (Emniyet) փոխանակած տուեալներու միջոցով: Փաստաթուղթերը կը հաստատեն, որ դիւանագէտներու լրտեսական գործունէութիւնը կը շարունակուի՝ չնայած այն բանին, որ այդ գործողութիւնները խնդիրներ առաջացուցած են այս երկիրներու հետ Թուրքիոյ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ:

Կը համարուի, որ օտար երկիրներուն մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան թիրախ դարձած մարդիկ կապուած են Կիւլէնի շարժման հետ, խումբ մը, որ սուր քննադատութեան ենթարկած է Էրտողանի կառավարութիւնը՝ համատարած փտածութենէն մինչեւ ճիհատիստական զինուած խմբաւորումներուն օժանդակելու համար: