image

Մահացած է Եթովպահայ բարերար՝ Հրայր Պէհէսնիլեան

Մահացած է Եթովպահայ բարերար՝ Հրայր Պէհէսնիլեան

Եթովպիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է Եթովպիոյ հայկական համայնքի  յայտնի անուններէն՝  Հրայր Պէհէսնիլեան  (74 տարեկան)։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի ընկերներէն։

Նշենք, որ Պէհէսնիլեան իր մահկանացուն կնքած է յետ կարճատեւ հիւանդութեան։

Վերջին շրջանին ան ունեցած է առողջական բարդութիւններ, որուն հետեւանքով ալ  մահացած է։

Նշենք, որ Եթովպիոյ հայկական շրջանակներուն քաջածանօթ անուն հանդիսացող  եւ բոլորին կողմէ  յարգուած  պարոն Հրայրը հայրենասէր եւ ազգասէր ըլլալու կողքին ճանչցուած է իբրեւ բարերար եւ տարբեր առիթներով  ալ  օժանդակած է բոլոր անոնց, որոնք դիմած են իրեն։

 Հանգուցեալը, որ մահացած էր Հարաւային Ափրիկէի մէջ եւ վերջին հանգիստը գտած Ատիս Ապապայի հայկական գերեզմանատան մէջ  գտնուող  ընտանեկան  դամբարանին մէջ։