image

Ուքրանիա. Հոգեհանգիստ Սումկայիթի զոհերու յիշատակին

Ուքրանիա. Հոգեհանգիստ Սումկայիթի զոհերու յիշատակին

28 Փետրուարին Ուքրանիոյ մէջ պատարագ մատուցուած է Սումկայիթի ջարդերու 33-րդ տարելիցի կապակցութեամբ, հայկական եկեղեցիներու մէջ Սումկայիթի ջարդերու հայ զոհերու յիշատակին նուիրուած ծառայութիւն մատուցուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ AnalitikaUA.net-ը:

Պատարագ մատուցուած է Քիեւի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ պատրիարքարանի ղեկավար, եպիսկոպոս Մարկոս Յովհաննիսեանի ձեռամբ։

Պատարագին մասնակցած են Ուքրանիոյ Հայերու միութեան, Քիեւի համայնքի ներկայացուցիչները, Ուքրանիոյ մայրաքաղաքէն եւ յարակից  շրջաններէն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդները:

Ամէն տարի Ուքրանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները տարբեր տարածաշրջաններու մէջ կ'իրականացնեն միջոցառումներ՝ նուիրուած Սումկայիթեան ողբերգութեան զոհերու յիշատակին: