image

«Հիմքեր կան Արմէն Սարգսեանի պաշտօնանկութիւնը սկսելու համար» Վահագն Յովակիմեան

«Հիմքեր կան Արմէն Սարգսեանի պաշտօնանկութիւնը սկսելու համար» Վահագն Յովակիմեան

 

Առերեւոյթ հիմքեր կան Արմէն Սարգսեանի պաշտօնանկութեան գործընթաց սկսելու համար՝ Սահմանադրութեան կոպիտ խախտման հիմքով, դիմատետրեան իր էջին գրած է ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեանը՝ անդրադառնալով ՀՀ նախագահի կողմէ ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու վերաբերեալ վարչապետի առաջարկը հակասահմանադրականութեան հիմքով ետ ուղարկելուն:

«Իմ քայլ»-ի պատգամաւորը նշած է, որ ՀՀ նախագահն իր լիազօրութիւնները կամայականօրէն իրացուցած է, որ անթոյլատրելի կը համարեն:

«Իր լիազօրութիւնները կամայականօրէն իրացնելիս Նախագահը կարող է վնասել պետութեան անվտանգութեանը, երկիրը մղել անկայունութեան, ի չիք դարձնել օրէնսդրական բարեփոխումները եւ այսպէս շարունակ: Վերջին շրջանում Արմէն Սարգսեանի քայլերը կարծես հենց վերը նշուած բացասական հետեւանքներն առաջացնելուն են միտուած»,- գրած է իշխանական պատգամաւորը: