image

Պէյրութ. Տօքթ. Յարութիւն Նիկոլեան զոհ ՝ «Քորոնա»ի

Պէյրութ. Տօքթ. Յարութիւն Նիկոլեան զոհ ՝ «Քորոնա»ի

 Պէյրութի մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է բժիշկ, մշակութային եւ կրթական գործիչ ՝ տօքթ. Յարութիւն Նիկոլեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։

Տրուած տեղեկութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուին, Տօքթ. Նագուլեանի զբաղեցուցած պաշտօնները, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի միակ համալասարանի՝ «Հայկազեան» համալսարանին հանդէպ հանգուցեալի ունեցած նուիրուածութիւնը ու նաեւ տարբեր առումներով համալսարանի կեանքին եւ վերելքին մասնակցելու  հանգամանքը։

Նշենք նաեւ, որ Նիկոլեանի տխուր մահուան առթիւ դիմատետրի  իր էջին  կարճ գրառում մըն ալ կատարած է լիբանանահայ հասարակական գործիչ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէն՝ տիար Յակոբ Հաւաթեան։

Հաւաթեան մասնաւորապէս գրած է ՝ ««Քորոնա» Ժահրը խլեց այլ արժէքաւոր անհատ մը մեր համայնքէն։ Քիչ առաջ կորսնցուցինք ազնիւ բժիշկ, վաստակաշատ արուեստագէտ եւ մտաւորական տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանը՝ ԱՐԹԻՒՐ Ք.։Իսկ ես կորսնցոցի նաեւ համագիւղացի մը եւ աւելի՛ն թաղեցի մը։Տօքթ. Նիկոլեան միշտ ալ մնաց մտերիմ գործակից Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ իր բարեգործական ցուցահանդէսներով սատարեց հայ գիրին, գրականութեան եւ մամուլին։ Յիշատակը պիտի մնայ անթառամ։ Վարձքդ կատա՛ր սիրելի տօքթոր»։

Խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնենք այս անժամանակ կորուստին համար։