image

Աստծոյ դէմ ուղղուած ամենամեծ վիրաւորանքը ատելութիւնն է. Հռոմի Պապ

Աստծոյ դէմ ուղղուած ամենամեծ  վիրաւորանքը ատելութիւնն է. Հռոմի Պապ

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրիոյ եւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքին համար խաղաղութեան կոչ ըրած է՝ մատնանշելով կրօնական պատերազմներու անթոյլատրելիութիւնը: Իր ուղերձով Հռոմի պապը, որ այժմ առաքելական այցով կը գտնուի Իրաք, հանդէս եկած է 6 մարտին կայացած միջկրօնական հանդիպման ընթացքին, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը։

«Աշխարհի համար պէտք են ոչ թէ յաղթողներ, այլ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք, չնայած անցեալի թիւրըմբռնումներուն ու վէրքերուն, միասին առաջ շարժին։ Եկէք աղօթք բարձրացնենք ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ խաղաղութեան համար»,- ըսած է Հռոմի պապը։

Ան նշած է, որ «Աստուծոյ ուղղուած ամենամեծ վիրաւորանքը մերձաւորի նկատմամբ ատելութիւնն է»:

«Թշնամանքը, ծայրայեղականութիւնը եւ բռնութիւնը կրօնական հոգիէն չեն բխիր։ Անոնք կրօնի դաւաճանութիւն են։ Եւ մենք՝ հաւատացեալներս, չենք կարող լռել, երբ ահաբեկչութիւնը կը քօղարկուի կրօնով։ Եւ մենք պէտք է լուծենք այդ խնդիրը»,- ըսած է Հռոմի պապը։

Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ ղեկավարը նաեւ կոչ ըրած է յարգել խղճի ու դաւանանքի ազատութիւնը՝ զանոնք անուանելով «հիմնարար իրաւունքներ»:

Յիշեցնենք, որ Հռոմի պապ այժմ առաքելական այցով կը գտնուի Իրաք:

Լուրը՝ tert.am-էն