image
Հրատապ լուրեր:

Վարանդայի եւ Ջրականին մէջ 2 զինուորներու դիակ յայտնաբերուած է

Վարանդայի եւ Ջրականին մէջ 2 զինուորներու դիակ յայտնաբերուած է

Արցախի փրկարարները 6 մարտի որոնողական աշխատանքները իրականացուցած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Վարանդայի (Ֆիզուլի) եւ Ջրականի (Ջեպրայիլ) շրջաններուն մէջ:

Յայտնաբերուած է երկու աճիւն:

Այս մասին յայտնած են Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն։

Նախնական տուեալներով վերջիններս ռազմագործողութիւններու մասնակիցներ են: Անոնց ինքնութիւնը պարզելու նպատակով նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն:

Որոնումները կը շարունակուին երկուշաբթի՝ 8 մարտին:

Զինադադարէն յետոյ յայտնաբերուած զինծառայողներու եւ քաղաքացիական անձանց աճիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 1490: