image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսացի միլիառտէրը զոհուած է ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով

Ֆրանսացի միլիառտէրը զոհուած է ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով

 

Կիրակի պահպանողական քաղաքական գործիչ եւ միլիառատէր Օլիվիէ Տասոն զոհուած է ուղղաթիռի կործանման հետեւանքով, յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը թուիթըրեան էջին:

 

69-ամեայ Տասոն ֆրանսացի արդիւնաբերող միլիառատէր Սերժ Տասոյի աւագ որդին էր, որուն ընկերութիւնը կը կառուցէ Rafale ինքնաթիռներն ու Le Figaro թերթի սեփականատէրն է:

«Օլիվիէ Տասոն կը սիրէր Ֆրանսան: Արդոիւնաբերութեան մէջ ռահվիրայ, օրէնսդիր, տեղական բարձրաստիճան պաշտօնեայ, ռազմաօդային ուժերու պահուստային սպայ. իր կեանքի ընթացքին ան չէ դադրած ծառայել մեր երկրին, գնահատած անոր առաւելութիւնները: Անոր յանկարծակի մահը մեծ կորուստ էր: Մտքերով անոր ընտանիքի եւ մտերիմներու հետ եմ»,-գրած է Մաքրոն:

Ոստիկանութեան աղբիւրի խօսքով՝ մասնաւոր ուղղաթիռը, որուն մէջ գտնուած է միլիառատէրը, կործանած է կիրակի առաւօտեան Նորմանտիայի մէջ, ուր ան հանգստեան տուն ունէր:

2002 թուականէն ըլլալով կուսակցութեան պատգամաւոր՝ Տասոն զբաղցուցած է 361-րդ տեղը աշխարհի մէջ ամենահարուստ մարդոց ցուցակին մէջ՝ ըստ Forbes-ի, գրած է Reuters-ը:

Ան հրաժարած է Dassault-ի կառավարման խորհուրդին մէջ իր պաշտօնէն իր քաղաքական դերի կապակցութեամբ շահերու ցանկացած բախումէն խուսափելու համար: