image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան Ուքրանիոյ համար «Պայրաքտարներ» պիտի արտադրէ

Թուրքիան Ուքրանիոյ համար «Պայրաքտարներ» պիտի արտադրէ

Թուրքիոյ մէջ սկսած են հաւաքել Ուքրանիոյ համար նախատեսուած «Պայրաքտար» ՏԲ2 անօդաչուներու առաջին խմբաքանակը:

 Ինչպէս կը յայտնէ Корреспондент-ը՝ յղում ընելով ժողովրդական պատգամաւոր Իկոր Կոպիթինին, հաւաքման աշխատանքները կ'ըլլան Իսթանպուլի Baykar Defense ձեռնարկութեան մէջ: Պատգամաւորի խօսքով՝ այսօր Ուքրանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարի հետ միասին ստուգումներ իրականացուցած են Իսթանպուլի գործարարնին մէջ՝ վերահսկելով արտադրութեան ընթացքը:

Վերջինս ընդգծած է, որ թրքական կողմը կը կատարէ Ուքրանիոյ հետ կնքուած պայմանագրի իր պարտականութիւնները:

«Այդ եզակի հնարաւորութիւնը կը զօրացնէ մեր երկրի պաշտպանունակութիւնը, ինչպէս նաեւ կ'ընդլայնէ երկու երկիրներու պաշտպանական արդիւնաբերութեան ներկայութիւնը արատքին շուկաներուն մէջ»,- շեշտած է Կոպիթինը:

Ուքրանիան կը նախատեսէ Թուրքիայէն 12 «Պայրաքտար» համալիրներ գնել, որու մասին յայտնի դարձած էր 2020 թուականի հոկտեմբերին: Համալիրներէն իւրաքանչիւրն ունի 4 հետախուզական-հարուածային անօդաչուներ: