image

27-ամեայ Երեւանցի երիտասարդը հրազէնային վիրաւորումներով հիւանդանոց փոխադրուած է

27-ամեայ Երեւանցի երիտասարդը հրազէնային վիրաւորումներով հիւանդանոց փոխադրուած է

Կիրակի՝ 7 մարտին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Ժամը 02:00-ի սահմաններուն, «Աստղիկ» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է ոտքէն հրազէնային, իսկ գլուխէն՝ մարմնական վնասուածքներ ստացած քաղաքացի մը:

Ինչպէս կը յայտնէ Shamshyan.com-ը, մինչ բժիշկները կը պայքարէին վիրաւորի կեանքի համար, ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորը Երեւան քաղաքի բնակիչ, 27-ամեայ Ալպերթ Մուրատեանն է, որ՝ ըստ բժիշկներու յայտարարութեան, այդ պահուն ի վիճակի չէ եղած կատարուածի մասին բացատրութիւն տալու: 

Փաստի առթիւ քննչական բաժնին մէջ նիւթեր կը նախապատրաստուին: