image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ երիտասարդ Արմէն Թագւորեանը մահացած է առողջական բարդացումներու հետեւանքով

Լիբանանահայ երիտասարդ  Արմէն Թագւորեանը մահացած է առողջական բարդացումներու հետեւանքով

Աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր առողջական բարդացումներու դէմ պայքարող լիբանանահայ երիտասարդ Արմէն Թագւորեան աւանդած է իր հոգին։

 

 Այս մասին «Արեւելք»ին տեղեկացուցին հանգուցեալին բարեկամները։

 

 1975 Թուականի ծնունդ Թագւորեան  իր ուսումը ստացած է  Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանին մէջ։

 Ան կանուխ հասակէն նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ իր ճիգերուն շնորհիւ կարողացած է հիմնել ձայնային սարքաւորումներ կարգաւորող ընկերութիւն, որ դարձած է ճանաչելի լիբանանեան եւ հայկական մակարդակով։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալը  ամուսնացած էր եւ հայր մէկ դստերոջ։