image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ ընթացք պիտի առնէ «Սփութնիք-»ի պատուաստումը

Հայաստանի մէջ ընթացք պիտի  առնէ «Սփութնիք-»ի  պատուաստումը

 

19 Ապրիլին Երեւանի մէջ պիտի մեկնարկեն ռուսական Sputnik V-ով քաղաքացիներու պատուաստումները: Այս մասին յայտնած են առողջապահութեան նախարարութենէն. դեղամիջոցն արդէն բաշխած են  բժշկական կեդրոններուն (փոլիքլինիքա) միջեւ, եւ երկուշաբթի քաղաքացիներն արդէն պիտի կարողանան ստանալ պատուաստանիւթի առաջին դեղաչափը:

 

Առաջինը պիտի պատուաստուին 18-54 տարեկան բուժաշխատողները, որոնք կ'աշխատին «Քորոնա» ժահրային վարակով հիւանդներու հետ: Աւելի բարձր տարիքի ռիսքի խումբի հիւանդներու խումբը պիտի ստանայ պատուաստանիւթը Ռուսաստանէն նոր մատակարարումներէն ետք:

Յիշեցնենք, որ ռիսքի (վտանգաւոր) խումբերու շրջանին պտաուաստումային գործընթացի ռիսքերը նուազեցնելու համար AstraZeneca պատուաստանիւթը նպատակայարմար է կիրառել հետեւեալ ռիսքի խումբերու համար.

  • 65 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձանց
  • Բուժաշխատողներ՝ 55 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձինք
  • Քրոնիկ հիւանդներ՝ 55 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձինք
  • Ընկերային խնամքի կեդրոններու բնակիչներ եւ աշխատակիցներ՝ 55 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձինք

Sputnik V պատուաստանիւթը նպատակայարմար է կիրառել հետեւեալ ռիսկի խմբերու համար.

  • Բուժաշխատողներ՝ 18-54 տարեկան անձինք
  • Քրոնիկ հիւանդներ՝ 18-54 տարեկան անձինք
  • Ընկերային խնամքի կեդրոններու բնակիչներ եւ աշխատակիցներ՝ 18-54 տարեկան անձինք

Յիշեցնենք նաեւ, որ Հայաստանը ձեռք բերած է «AstraZeneca» եւ «Sputnik V» պատուաստանիւթերը` համապատասխանաբար 24 000 եւ 15 000 խմբաքանակներով: