image

Գանատայի Ալպերթա նահանգը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը

Գանատայի Ալպերթա նահանգը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը

Գանատայի Ալպերթա նահանգի օրէնսդիր մարմինը միաձայն ընդունած  է բանաձեւ՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնն ի թիւս այլոց, եւ ապրիլ ամիսը ամրագրել որպէս ցեղասպանութիւններու յիշատակման, դատապարտման եւ կանխարգելման ամիս, յայտնած է Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիմատետրեան էջը։

Բանաձեւը կոչ կ'ընէ կառավարութեան մշակելու ռազմավարութիւն ցեղասպանութիւնները կանխելու եւ անոնց պատճառները վերացնելու, Ալպերթայի ազգային եւ կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներու վրայ ցեղասպանութիւններու ազդեցութիւնն ընդունելու, զոհերը յիշատակելու եւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ տեղեկացուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով։