image

Երիտասարդ հայուհի՝ Արշալոյս Պէրպէրեանի մահը Երեւանի մէջ

Երիտասարդ հայուհի՝ Արշալոյս Պէրպէրեանի մահը Երեւանի մէջ

Օրերս ծանր կորուստ մը ունեցած են   քուէյթահայ՝ Աբովեանները։

 

 Երեւանի մէջ առողջական  բարդութիւններ ունենալէ ետք իր մահկանցուն կնքած է    Արշալոյս Պէրպէրեան- Աբովեանը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 

 Կը նշուի, որ սրտային անհանգստութիւններ ունեցող Տիկին Արշոն գտնուելով Երեւանի մէջ դիմած է    հիւանդանոց համապատասխան բուժում ստանալու համար,  սակայն սրտային տագնապը  վրայ հասնելով վերջ տուած է անոր երիտասարդ կեանքին։

 

Հանգուցեալը   ամուսնացած էր Յակոբ Աբովեանին  հետ եւ   մայր՝ երկու զաւակներու ՝  Խաչիկ եւ Մարլին։

 

 1968-ին   Պէյրութ ծնած հայուհին իր կեանքի մեծ մասը անցուցած է Դամասկոսի մէջ ու այդ պատճառով ալ հարազատները յարմար նկատած են զինք յուղարկաւորել  Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ։

 

 Ցաւակցութիւններ։