image

Իսրայէլը իսլամի թշնամի է. Էրտողան

Իսրայէլը իսլամի թշնամի է. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ՝ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Իսրայէլը իսլամի թշնամին է, եւ Թուրքիան պէտք է այդ մասին փոխանցէ մարդկութեան, հաղորդած է Ahval-ը:

Աւելի վաղ 16 ապրիլի առաւօտեան Իսրայէլի Ռազմաօդային ուժերը հարուած հասցուցած են Կազայի երեք կառոյցներու ուղղութեամբ:

Իսրայէլցի զինուորականները յայտարարած են, որ պաղեստինցի զինուորականները երկու հրթիռ արձակած են Կազայի հատուածէ երկրի հարաւի ուղղութեամբ:

«Մենք գիտենք, որ Իսրայէլը իսլամի թշնամին է: Ցաւօք, Իսրայէլը չի փոխուիր: Մենք կը ցանկանք, որպէսզի ողջ մարդկութիւնը ուշադիր հետեւի Իսրայէլի թշնամական վերաբերմունքին իսլամի նկատմամբ եւ գնահատէ իրավիճակը: Ի հարկէ, դեռ երկկողմանի յարաբերութիւնները չեն կրնար ցանկալի մակարդակի հասնիլ»,-ըսած է Էրտողան:

Իր հերթին, Թուրքիոյ ԱԳՆ-ը մտահոգութիւն յայտնած է կապուած «պաղեստինցի ժողովուրդի նկատմամբ Իսրայէլի կողմէ բռնութեան եւ ճնշման քաղաքականութեան հետ», որ կը շարունակուի Ռամատանի ժամանակ: