image

Պոլսոյ երիցագոյն քահանան բուժման նպատակով հիւանդանոց փոխադրուած է

Պոլսոյ երիցագոյն քահանան բուժման նպատակով հիւանդանոց փոխադրուած է

 Պոլսոյ երիցագոյն քահանայ համարուող Տ. Մաշտոց քհնյ. Գալփաքճեան օրերս փոխադրուած է հիւանդանոց բուժումներ ստանալու նպատակով։

 

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ»էն, ուր նոյնպէս յօդուածներով հանդէս կու գայ Տէր հայրը։

 

 

 Աղբիւրը մանրամասնութիւններ հաղորդած է Տէր հօր իրավիճակին մասին մասնաւորապէս գրելով՝ «Մեր ընթերցողներուն կու գանք դառնութեամբ տեղեկացնել, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ դարմանման տակ կը գտնուի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երիցագոյն անդամներէն, թերթիս բազմամեայ սիւնակագիր եւ մեր հոգեւորականաց դասու յարգուած դէմքերէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Տէր Հօր գրութիւնները լոյս չեն տեսներ եւ այս ընթացքին թէ՛ մեր ընթերցողները եւ թէ համայնքային շրջանակները մտահոգուած են այս կապակցութեամբ։ Օրերէ ի վեր մեզի կը հասնէին հեռաձայններ՝ պարզելու համար, թէ ինչու յառաջացած է այդ անակնկալ ընդհատումը։ Թէեւ խմբագրութիւնս մշտական կապի մէջ էր Տէր Հօր հետ, սակայն ընդառաջելով իր փափաքին՝ հրապարակաւ իր կացութեան մասին չկարողացանք բացատրութիւններ տալ մեր ընթերցողներուն։

 

Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի առողջութիւնը միջոցէ մը ի վեր կ՚արձանագրէ վերիվայրումներ եւ ան վերջին շրջանին մնացած է բաւական ուժասպառ։ Նկատի ունենալով, որ իր որդիները արտասահմանի մէջ կ՚ապրին՝ ան փորձած է առանձինն դիմագրաւել այդ բարդութիւնները, սակայն, չէ յաջողած։ Ի վերջոյ, բարեբախտաբար, վերջին օրերուն քաղաքս փութացած է երէց որդին Գրիգոր Սրկ. Գալփաքճեան, որ կ՚ապրի Ֆրանսայի մէջ։ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան որդւոյն վերահսկողութեամբ նախ հրատապ քննութենէ մը անցած է Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցին մէջ, որ իր բնակարանի մօտակայքին կը գտնուի։ Աւելի վերջ, Տէր Հայրը փոխադրուած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր մասնագէտներու վերահսկողութեան ներքեւ սկսած է իր դարմանումը։ Բարեբախտաբար, բժիշկներու կանխատեսումները լաւատես են եւ Տէր Հօր պարագային մտահոգիչ հեռանկարներ խնդրոյ առարկայ չեն։ Կը նախատեսուի, որ տրամաբանական ժամանակի ընթացքին ան կարողանայ վերագտնել իր առողջութիւնը։ Լիայոյս ենք, թէ բուժման այս գործընթացի աւարտին Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան պիտի կարողանայ վերականգնել իր ամենօրեայ սիւնակագրութիւնը եւ պիտի շարունակէ իր կանոնաւոր աշխատակցութիւնը թերթիս համար»։