image

Հռոմի Պապը ե՞րբ պիտի այցելէ Լիբանան

Հռոմի Պապը  ե՞րբ  պիտի այցելէ Լիբանան

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը Լիբանանի նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիին խոստացած է այցելել երկիր, երբ քաղաքական ուժերը մէկ կողմ դնեն տարաձայնութիւնները՝ ի շահ ժողովուրդի, յայտնած է Reuters-ը:

Վատիկանը յայտնած է, որ Հարիրին, որ կարճատեւ այցի ընթացքին պիտի հանդիպի նաեւ Իտալիոյ ղեկավարներու հետ, շուրջ 30 վայրկեան բանակցութիւններ վարած է Հռոմի պապի հետ:

Անկէ ետք Հարիրին լիբանանեան հեռուստատեսութեան ըսած է, որ Պապը նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք պիտի այցելէ երկիր: «Ես մեր խնդիրները ներկայացրուցի Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին եւ խնդրեցի անոր օգնել Լիբանանին»,-ըսած է վարչապետը:

«Նորին Սրբութիւն Պապը պիտի այցելէ Լիբանան, բայց կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք: Եւ սա ուղերձ է լիբանանցիներուն, որ մենք պէտք է կառավարութիւն կազմենք»,- ըսած է ան:

Վատիկանի յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Ֆրանչիսկոսը «հաստատած է իր նուիրուածութիւնը լիբանանցի ժողովուրդին, որ շատ դժուար եւ անկայուն ժամանակներ կ'ապրի՝ յայտարարելով ի շահ ազգի անյապաղ պարտաւորութիւն ստանձնելու բոլոր քաղաքական ուժերու պատասխանատուութեան մասին»: