image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէյիրմէնճեանի օճախէն բարի լուր

Պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէյիրմէնճեանի օճախէն բարի լուր

Պոլսահայ մտաւորական, հասարակական գործիչ Սեւան Տէյիրմէնճեանի օճախը  նոր փայլ ստացած է։

 Տարի  առաջ ամուսնացած մտաւորականի նորածին փոքրիկը՝ Վանենին  արժանացած է Սուրբ մկրտութեան խորհուրդին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»էն։

Աղբիւրը այդ առթիւ հրապարակած է կարճ լուր մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ, կիսելով անշուշտ մեր երախտիքն ու ուրախութիւնը ցանկացած հայ օճախի մէջ եղող նման յիշարժան առիթներու առթիւ եւ ի մասնաւորի Պոլսոյ  մէջ եղած նման շէնշող արարողութեան մը  համար։

«Ժամանակ» կը գրէ ՝

«Փոքրիկն Վանենի Տէյիրմենճեան մկրտուած 19 ապրիլ 2021 Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ՝ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանի կնքահայրութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Վարդան-Արշալոյս Պալմումճեանի։

Այս ուրախ առթիւ երկար կեանք եւ փայլուն ապագայ մը կը մաղթենք նորոգ մկրտեալ սիրասուն փոքրիկն Վանենիին, որպէսզի միշտ ապրի անամպ երկնքի տակ։ Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք իր երջանիկ ծնողքը՝ մեր սիրելի գործընկեր ու բարեկամ Սեւան-Մելիս Տէյիրմենճեան ամոլը՝ մաղթելով, որ ընտանեկան յարկէն չպակսի բարձր տրամադրութիւնը։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները՝ Տիկին Մարի Տէյիրմենճեանին, Օրիորդ Անի Տէյիրմենճեանին, Մորպոյաճը ազնուաշուք ընտանիքին, նաեւ մեր սիրելի բարեկամներ՝ Վարդան-Արշալոյս Պալմումճեաններուն»։