image

Հալէպի մէջ մահացած է համայնքի սիրուած անդամներէն Բրշ. Վարդան սրկ. Համպոյեանը

Հալէպի մէջ մահացած է համայնքի սիրուած անդամներէն Բրշ. Վարդան սրկ. Համպոյեանը

 Հալէպահայութիւնը օրերս կորսնցուց իր արժանաւոր եւ նուիրեալ անդամներէն մին։

 Վարդան սրկ. Համպոյեանը, որ երկար տարիներու ծառայութիւն ունէր Հալէպի գաղութի ազգային կեանքէն ներս մահացաւ կարճատեւ հիւանդութեան պատճառաւ

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 Ան երկար տարիներ ծառայած է մեր եկեղեցիին ըլլալով « Զուարթնոց» երգչախումբի անդամ եւ ապա՝ վարչական:

Եղած է եկեղեցասէր, ծառայած է Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ՝ որպէս սարկաւագ, դպրապետ, դպրաց դասի վարչութիւն, կիրակնօրեայ դպրոցի խորհուրդի անդամ եւ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդ:

 

 Հանգուցեալին վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի ունեցած է կիրակի յունիսին Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մարմինը փոխադրուած է Հալէպի Ազգային Գերեզմանատուն։

 Հալէպ ծնած Վարդան Սրկ. Համպոյեան 84 տարեկան էր։