image

Թուրքիոյ համար. C-400 -ի գործարքը ի զօրու է

Թուրքիոյ համար. C-400 -ի գործարքը ի զօրու է

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը իր ամերիկացի գործընկեր Ճօ Պայտընի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ ԱՄՆ նախագահին յայտնած է, որ C-400 զենիթահրթիռային համակարգերու մատակարարման հարցով Անգարայի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ:

«Թուրքիոյ դիրքորոշումը C-400 զենիթահրթիռային համակարգերու մատակարարման հարցով կը մնայ անփոփոխ։ Ես այդ մասին յայտարարած եմ նախագահին (Ճօ Պայտընին)։ Այդ կը վերաբերի նաեւ F-35 ծրագրին», – Էրտողանի խօսքը մէջբերած է Anadolu գործակալութիւնը։

Ինչպէս կը հաղորդէ գործակալութիւնը, Էրտողանը ԱՄՆ նախագահին հրաւիրած է Թուրքիա։

«Պայտընը նշած է, որ կրնայ այցելել Թուրքիա»,- ըսած է Էրտողան, Պայտընի հետ իր հանդիպումը անուանելով՝ կառուցողական։