image

Էրտողանը պաշտօնական այցով ժամանած է Պաքու

Էրտողանը պաշտօնական այցով ժամանած է Պաքու

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը պաշտօնական այցով ժամանած է Ատրպէյճան: Այս մասին կը տեղեկացնէ minval.az կայքը:

Պաքուի Հէյտար Ալիեւի անուան միջազգային օդակայանին մէջ Էրտողանի պատուոյն պատուոյ պահակախումբ ներկայացած է:

Էրտողանը ու անոր կինը` Էմինէ Էրտողանը, օդակայանին մէջ դիմաւորած են առաջին փոխվարչապետ Եաղուպ Էյուպովը, արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը եւ այլ պաշտօնատար անձինք:

Այցի շրջածիրէն ներս այսօր Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած Շուշիի մէջ տեղի պիտի ունենան երկկողմ հանդիպումներ, ուր պիտի քննարկուին թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բոլոր հարցերը եւ անոնց հետագայ խորացումը:

Այցի ընթացքին Թուրքիոյ ղեկավարը ելոյթ պիտի ունենայ Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ, որու կապակցութեամբ ատրպէյճանցի պատգամաւորները մինչ այդ «Քորոնա» ժահրի առկայութիւնը ստուգող քննութիւն յանձնած են: