image

Ատրպէյճան ինչպէս յանձնած է 15 հայ գերիները (տեսանիւթ)

Ատրպէյճան ինչպէս յանձնած է 15 հայ գերիները (տեսանիւթ)

 

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հրապարակած են գերեվարուած հայ զինծառայողները Հայաստանին յանձնելու քատրերը:

Յիշեցնենք՝ 12 Յունիսին Նիկոլ Փաշինեանն իր դիմատետրի պաշտօնական էջով յայտնած էր, որ Հայաստան վերադարձած է 15 գերի: 

Բացի այդ, ան հրապարակած էր գերութենէն վերադարձածներու անունները.

Ստեփանեան Արթուր Լեւոնի, Արմաւիր

Էլիբեկեան Գեղամ Արշակի, Արտաշատ

Սեդրակեան Ալեքսան Արմէնի, Արմաւիր

Գասպարեան Էրիկ Արշակի, Երեւան

Բաբայեան Սաշա Մարտինի, Մասիս

Անդրէասեան Արտակ Գառնիկի, Էջմիածին

Խաչատրեան Էրիկ Սարիբեկի, Մասիս

Սէրունեան Նարեկ Անդրանիկի, Քաղսի

Պետրոսեան Սասուն Շահնազարի, Ստեփանակերտ

Սարգսեան Վրոյր Վալենթինի, Քանաքեռաւան

Բուդոյեան Արմէն Գագիկի, Վարդենիս

Օհանեան Պորիս Սամուէլի, Ալաւերդի

Աբգարեան Արթուր Նորիկի, Արմաւիր

Ոսկանեան Դաւիթ Հայկի, Արմաւիր

Յունանեան Արգամ Յունանի, Արմաւիր

Նշենք, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ 12 Յունիսին վրաց-ատրպէյճանական սահմանին՝ Վրաստանի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Պաքուն հայկական կողմին փոխանցած է 15 ռազմագերիներ, որուն դիմաց ստացած է Աղտամի շրջանի ականապատման քարտէզները: Ըստ յայտարարութեան՝ այս գործողութիւնն իրականացուած է Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի աջակցութեամբ:

Ընդհանուր առմամբ, Ատրպէյճանէն Հայաստան վերադարձած գերիներու թիւը հասած է 88-ի:

Հայկական կողմը Ատրպէյճանին փոխանցած է 15 անձ, որոնց շարքին ոչ միայն ռազմագերիներն են, այլեւ Արցախի մէջ երեխայի սպանութեան ու այլ յանցագործութիւններու համար դատապարտուած երկու ատրպէյճանցի ներթափանցողները: 

Ստորեւ կը ներկայացնենք տեսանիւթը.