image

Ժընեւի մէջ. Ընտրուեցաւ ծխական նոր խորհուրդ

Ժընեւի մէջ. Ընտրուեցաւ ծխական նոր խորհուրդ
Ժընեւի հայկական եկեղեցին ծխական խորհուրդի նոր կազմ ընտրած է: «Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Ժընեւի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Ժընեւի Սուրբ Յակոբ Հայ Առաքելական Մայր եկեղեցւոյ տարեկան ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցած է 4 Յուլիսին, եւ անցած է կառուցողական քննարկումներու մթնոլորտի մէջ:

Զուիցերիոյ Առաջնորդական տեղապահ եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեանը եւ նորընտիր խորհուրդի անդամները  ընդգծած են «Քորոնա» ժահրային համաճարակի պատճառով եկեղեցւոյ առաջ ծառացած խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ վերջին ամիսներուն Հայաստանի շուրջ ձեւաւորուած բարդ իրավիճակին դիմակայելու համար համայնքի բոլոր անդամներու միասնական ջանքերու համախմբման եւ համազգային միասնութեան անհրաժեշտութիւնը:

 Կանոնադրութեան համաձայն նորընտիր խորհուրդի կազմէն ընտրուած են հետեւեալ անձերը որպէս`

- Ատենապետ` Օննիկ Գազանճեանը,

- Փոխատենապետ` Հայկ Յովհաննիսեանը,

- Գանձապահ` Առնօ Սերապեանը,

- Քարտուղար` Սիմա Փափազեանը:

Խորհուրդի միւս անդամներն են` Սարգիս Նարոյեան, Հրաչ Եագան, Կորիւն Ալավերդեան, Յակոբ Կիւզելթաշճեան, Արաքսի Սահիլ-Մկրտիչեան:

Ժողովը փակուած է Տեղապահ Հայր Սուրբի պահպանիչ աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով: