image

Տ. Վրթանէս Աւագ Քահանայ հօր վերջին օծումն ու յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին ուրբաթ օր

Տ. Վրթանէս Աւագ  Քահանայ հօր  վերջին օծումն ու յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին ուրբաթ օր

Օրերս վախճանեալ Տ. Վրթանէս Աւագ Քհնյ. Գալայճեանի վերջին օծման եւ   յուղարկաւորութեան արարողութիւնը  պիտի կատարուին   յառաջիկայ շաբաթ օր: Այս մասին տեղեկացանք վախճանեալ Տէր Հօր հարազատներէն: Նշենք, որ  «Տան կարգ»ը պիտի  կատարուի ուրբաթ, 12 Օգոստոս, 2016-ին, ժամը 8:00-ին   Սրբոց Ղեւոնդեանց Հայ Առաքելական եկեղեցիէն ներս  (հասցէ՝ 12-61 Saddle River Road, Fair Lawn, NJ):

 Սուրբ Պատարագը, վերջին օծման արարողութիւնն ու յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին Շաբաթ, 13 Օգոստոս , 2016-ին, Ժամը 10-ին: Թաղման կարգը  պիտի կատարուի Ճորճ Ուաշինկթընի ( George Washington) գերեզմանատան մէջ, հասցէ՝ Paramus, NJ: Որմէ ետք պիտի մատուցուի հոգեճաշ՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց հայ եկեղեցիէն  ներս:

 Տ. Վրթանէսի եւ երեցկին Անահիտ Գալայճեանի ցանկութեան համաձայն, փոխան ծաղկեպսակի կարելի է նուիրատուութիւն կատարել ՝ «Տ. Վրթանէս Գալայճեան քրիստոնէական երիտասարդական կրթութիւն հիմնադրամ»ին, Ռէսին- Ուիսքընսընի հայկական Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցիին: Կամ Ուաշինկթընի Հայ Առաքելական Սուրբ Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ գործող ՝  «Տ. Վրթանէս եւ  երեցկին Անահիտ Գալայճեան հիմնադրամ»ին: