image

«Մեր Զինուորներուն Կողքին» արշաւը կ'օժանդակէ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն

«Մեր Զինուորներուն Կողքին» արշաւը կ'օժանդակէ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը, շարունակելով Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու աշխատանքը՝ Նոյեմբերին ամբողջացուց Երեւանի մարզին մէջ նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն այցելութիւնները՝ անոնց յանձնելով ընդհանուր 12,250 տոլար օժանդակութիւն:

«Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը 1000ական տոլար կը յանձնէ իւրաքանչիւր զոհուած զինուորի ընտանիքին, իսկ անոնց իւրաքանչիւր դեռահաս զաւակին համար՝ յաւելեալ 250 տոլար:

Նախապէս, Երեւանի ընտանիքներուն մէկ մասին այցելած էին նաեւ Ալէք Փիլիպոս եւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարաններու աշակերտները, ինչպէս նաեւ՝ ՀԵԴականներ։

Ստորեւ կու տանք կենսագրական գիծերը Երեւանէն նահատակուած այն 11 զինուորներուն, որոնց մասին նախապէս չէինք փոխանցած.

0000RobertAbajyanWOS – Ռոպերթ Ապաճեան (ծնեալ՝ 1996ին) վերջին անգամ Ապրիլ 1ին տուն հեռաձայնած էր, շնորհաւորելու համար իր հօրը տարեդարձը։ Նոյն երեկոյեան, ան մեկնած էր՝ Մարտակերտի մօտերը գտնուող թիւ 16 դիրքը պաշտպանելու. դիրքին վրայ աւելի քան 200 ատրպէյճանցիներ կը յարձակէին։ Երբ դիրքի հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեան զոհուեցաւ, Ռոպերթ ստանձնեց հրամանատարութիւնը եւ շարունակեց դիրքը պաշտպանել, հակառակ իր վիրաւորուելուն, փրկելով զինակից Անդրանիկ Զոհրապեանի կեանքը, որ սակայն աւելի ուշ սպաննուեցաւ։ Երբ դիրքը գրաւուեցաւ, Ռոպերթ վիրաւոր վիճակի մէջ պայթեցուց իր ձեռնառումբը՝ իրեն հետ սպաննելով զինք գերի վերցնելու համար ժամանած աւելի քան տասնեակ մը ատրպէյճանցի զինուորներ։ Իր հերոսական արարքներուն համար, ան յետ մահու արժանացաւ «Արցախի Հերոս» շքանշանին։ Ան եղած է կատակասէր ու կեանքով լեցուն երիտասարդ մը, որ կը ծրագրէր բանակային սպասարկութենէն ետք շարունակել իր համալսարանական ուսումը, ատամնաբոյժ դառնալու նպատակով։ Ռոպերթ Ապաճեանի ընտանիքին յանձնուած է 1000 տոլար։

0000ArturAvetisyanWOS – Արթուր Աւետիսեան (ծնեալ՝ 1962ին) Արցախի ազատագրական պատերազմին միացած էր իբրեւ կամաւոր զինուոր եւ մաս կազմած էր «Տիգրան Մեծ» կամաւորական ջոկատին, իսկ 1994ին, Երեւան վերադարձած էր ու անդամակցած Երկրապահ միութեան։ Արթուր վիրաւորուած էր Արցախի ազատագրական մարտերուն ընթացքին, սակայն այդ մէկը բաւարար չէր զինք զսպելու, ուստի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին ճակատ վերադարձած էր։ Ապրիլ 19ին, Արթուր Արցախի պաշտպանութեան Ճեպրայիլի խրամատներէն մէկուն մէջ մահացած է՝ սրտի տագնապ մը ունենալով։ Ան ամուսնացած էր Աշխէնին հետ, եւ ամոլը բախտաւորուած էր մէկ դուստրով՝ Տայանայով, որ 8 տարեկան է։ Արթուր Աւետիսեանի ընտանիքին յանձնուած է 1250 տոլար։

0000ManvelGevorgyanWOS – Մանուէլ Գէորգեան (ծնեալ՝ 1997ին) զաւակն էր Նայիրա եւ Արմէն Գէորգեաններուն։ 2014ին, երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք, ան սկսած էր յաճախելու Երեւանի մարմնարուեստի հիմնարկը՝ մասնագիտանալու համար մարտարուեստին մէջ։ Ան քարաթէյի վարպետ էր եւ 2006ին հանդիսացած էր Եւրոպայի ախոյեան։ Յուլիս 2015ին, ան սկսած էր զինուորական պարտադիր ծառայութեան եւ արագօրէն պաշտօնի բարձրացում ստացած էր՝ շնորհիւ իր նուիրումին։ Ապրիլ 14ին, երբ Մանուէլ քանի մը զինակիցներու հետ ռազմական դիրք մը կը պաշտպանէր, դիրքը յարձակումի ենթարկուեցաւ աւելի քան 30 ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ, եւ մինչեւ վերջին փամփուշտը կրակելով՝ ան սպաննուեցաւ թշնամիին կողմէ։ Մանուէլ ղեկավարի նկարագիրով օժտուած անձնաւորութիւն մըն էր, որ կը սիրէր առաջնորդը ըլլալ իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան մէջ։ Ան նաեւ կատակասէր եւ աշխոյժ երիտասարդ մըն էր, որ լաւագոյն արդիւնքներ ապահոված էր ոչ միայն կրթական, այլ նաեւ մարմնամարզի ոլորտներէն ներս։ Մանուէլ Գէորգեանի ընտանիքին յանձնուած է 1000 տոլար։

0000GevorgHarutyunyanWOS – Գէորգ Յարութիւնեան (ծնեալ՝ 1996ին), 18 տարեկան դառնալէն անմիջապէս ետք միացած էր բանակին։ Անոր ընտանեկան պարագաները եւ բարեկամները զինք կը նկարագրեն իբրեւ ընկերասէր, աշխոյժ եւ կատակասէր երիտասարդ մը, որ սիրով կը կատարէր զինուորական ծառայութիւնը, որուն աւարտին միայն քանի մը ամիս մնացած էր, երբ ան Օգոստոս 2ի գիշերը նահատակուեցաւ Ակնայի (Աղտամ) մօտերը, երբ ատրպէյճանական ուժերը յարձակեցան անոր պաշտպանած սահմանային դիրքին վրայ։ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն վերապրած Գէորգը մահացաւ քանի մը այլ զինակիցներու հետ այլ զինուոր մը փրկելու գործողութեան ընթացքին՝ ականի մը վրայ կոխելով։ Ան Անահիտ եւ Արթուր Յարութիւնեաններուն մէկ հատիկ զաւակն էր։ Գէորգ Յարութիւնեանի ընտանիքին յանձնուած է 1000 տոլար։

0000GrigorHarutyunyanWOS – Գրիգոր Յարութիւնեանի (ծնեալ՝ 1997ին) հայրը՝ Գէորգը, իր ծնողքն ու բնակարանը կորսնցուցած էր Գիւմրիի 1988ի երկրաշարժին ժամանակ. այնուհետեւ, Գրիգոր իր ընտանիքին հետ Երեւանի մէջ վարձու բնակարանի մը մէջ ապրած է, մինչեւ իր հօրը մահը՝ 2003, որմէ ետք իր մայրը՝ Անահիտն ու իր չորս զաւակները անտուն մնացած են, մինչեւ որ կարելի եղած է կիսաքանդ վարձու բնակարան մը գտնել քաղաքին մէջ, կարգ մը պաշտօնատարներու միջամտութեամբ։ Գրիգոր կը կրէր անունը իր հօրեղբօրը, որ Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին նահատակուած էր. ան պարտադրուեցաւ 8րդ դասարանին կիսատ ձգելու ուսումը, օգնելու համար իր մօրը, որ ընտանիքի կարիքներուն հասնի։ Ան նաեւ խոհարարական վարժարան սկսած էր յաճախելու։ Բանակային ծառայութեան ընթացքին, ան հաստատուած էր սահմանային դիրքի մը վրայ՝ իբրեւ արձակազէն։ Գրիգոր նահատակուեցաւ Ապրիլ 2ին։ Անոր ընտանիքը Յունիսին, Երեւանի քաղաքապետութենէն նոր բնակարան մը նուէր ստացաւ։ Գրիգոր Յարութիւնեանի ընտանիքին յանձնուած է 1000 տոլար։

0000RubenIskandaryanWOS – Ռուբէն Իսկանդարեան (ծնեալ՝ 1993ին) նահատակուեցաւ իր պարտադիր զինուորական ծառայութեան աւարտէն միայն երեք ամիս առաջ։ Ան զոհուեցաւ Ապրիլ 2ին տեղի ունեցած ճակատամարտի մը ընթացքին, հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ։ Հայրենասէր երիտասարդ մըն էր, որ իր նուիրեալ ծառայութեան համար մեծարուած էր բանակի հրամանատարութեան կողմէ։ Հանդարտութիւնը, համեստութիւնը եւ ուշիմութիւնը եղած են անոր գլխաւոր յատկանիշները՝ ըստ անոր դրացիներուն եւ ուսուցիչներուն։ Ան շրջանաւարտ էր Ռուս-հայկական (Սլաւական) համալսարանէն (2014ին)՝ զբօսաշրջային եւ հիւրանոցային սպասարկութեանց մարզին մէջ։ Իր համալսարանին մէջ, Յունիս 23ին, այսինքն՝ այն օրը, երբ Ռուբէն Իսկանդարեան 23 տարեկան պիտի ըլլար, իրեն ի պատիւ յատուկ ցուցահանդէսի մը բացումը կատարուեցաւ։ Ռուբէն Իսկանդարեանի ընտանիքին յանձնուած է 1000 տոլար։

0000SargisKhalafyanWOS – Սարգիս Խալաֆեան (ծնեալ՝ 1967ին), իր չորս ազատամարտիկ ընկերներուն հետ միասին, եղած է առաջիններէն, որոնք քառօրեայ պատերազմին ճակատ մեկնեցան՝ պաշտպանելու համար հայկական դիրքերը, գիտակցելով, որ յոյժ կարեւոր է հայրենիքի պաշտպանութեան իմաստը անձնական օրինակով փոխանցել նոր սերունդին։ Ան մասնակցած էր Արցախի ազատագրական պայքարին՝ Սիւնիքի մէջ կռուելով եւ իր լուման դնելով Բերձորի (Լաչին) ազատագրութեան ճակատամարտին մէջ։ Սարգիս վիրաւորուած էր այդ մարտերուն ընթացքին, իսկ այս տարուան ճակատումներուն՝ Ապրիլ 4ին, իր կրած վէրքը մահացու եղած է։ Սարգիս անձնազոհ եւ ընկերասէր անհատ մըն էր, եւ ըստ իր կնոջ՝ Նունէին, ան նաեւ շատ լաւ հայր մըն էր ամոլին 4 զաւակներուն՝ երկու դուստր եւ երկու մանչ, որոնք չափահաս են արդէն, եւ անոնցէ մէկը բանակ կը ծառայէ։ Սարգիս Խալաֆեանի ընտանիքին յանձնուած է 1000 տոլար։

0000AdamSahakyanWOS – Ադամ Սահակեան (ծնեալ՝ 1996ին) Ճեպրայիլի մէջ Արցախի պաշտպանութեան դիրքերէն մէկուն հրամանատարն էր։ Անոր եւ անոր 8 զինակիցներուն կողմէ կազմուած խումբը զինուորներուն կողմէ ծանօթ էր «Հրեշտակներ» անունով, որովհետեւ այդ զինուորները շրջանը կը պաշտպանէին ատրպէյճանական յաճախակի յարձակումներէ։ Ապրիլ 2ի գիշերը, այս զինուորները 5 ժամ դէմ դրած են աւելի քան 200 ատրպէյճանցիներու յարձակումին, ապա նահատակուած են։ Վերջին նահատակուողը եղած է Ադամը՝ վստահ ըլլալէ ետք, որ աւելի քան 100 ատրպէյճանցի զինուոր սպաննուած է արդէն իրենց յարձակումին ընթացքին։ Անոր ընտանիքը մեծ հպարտութեամբ կ՛արտայայտուի իր զաւակին հերոսութեան մասին, ինչ որ իրենց կեանքը որոշ չափով բնականոն շարունակելու ուժ կու տայ իրենց։ Ադամ շատ կը սիրէր գծել, եւ իր երազն էր ճարտարապետ դառնալ։ Ան նաեւ մարզանք սիրող երիտասարդ մըն էր եւ կը հետեւէր բռնցքամարտի ու քարաթէի մարզումներու, ինչպէս նաեւ կը նախընտրէր պատմական հերոսներու մասին շարժապատկերներ դիտել եւ ինք եւս հերոսի մահով նահատակուեցաւ։ Ադամ Սահակեանի ընտանիքին յանձնուած է 1000 տոլար։

0000SurenTcharatanyanWOS – Սուրէն Ճարատանեան (ծնեալ՝ 1955ին) բոլորին ծանօթ էր իր կատակասէր նկարագիրով։ Ան շառաւիղն էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած հաճընցիներու եւ իսկական հայրենասէր մըն էր։ Իբրեւ կամաւոր զինուոր, Սուրէն Արցախի ազատագրական պայքարին մասնակցած էր՝ անոր առաջին իսկ օրերէն, եւ չորս տարի շարունակ ճակատի վրայ մնալէ ետք վերադարձած էր Երեւան, վերամիանալով իր կնոջ՝ Անուշին, եւ իրենց դստեր։ Ան տարիներով եղած է Հաճընի հայրենակցական միութեան ատենապետը՝ պահպանելով հաճընցիներու սիրելի աւանդութիւնները։ Անցեալ Ապրիլի սկիզբը, երբ թշնամին դարձեալ յարձակեցաւ Արցախի վրայ, Սուրէն, հակառակ իր վատառողջ սիրտին եւ անհանգիստ կնոջ, դարձեալ ճակատ մեկնեցաւ՝ շարունակելու համար Արցախը պաշտպանելու առաքելութիւնը, եւ հոն նահատակուեցաւ Ապրիլ 7ին, ատրպէյճանցի ներխուժողներու դէմ զինեալ ընդհարումի մը ընթացքին։ Սուրէն Ճարատանեանի ընտանիքին յանձնուած է 1000 տոլար։

0000HaykToroyanWOS – Հայկ Թորոյեան (ծնեալ՝ 1985ին) ասպարէզով զինուորական էր, որ դպրոցէն հեռացած էր 8րդ դասարանին եւ սկսած էր յաճախելու Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմական վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 2002ին։ Ան ռուսական ռազմական վարժարանի մը մէջ մասնագիտութիւնը շարունակած է մինչեւ 2007, ապա Հայաստան վերադարձած է եւ յաջորդող 9 տարիներուն, միչեւ իր նահատակութիւնը, ծառայած է Արցախի զանազան դիրքերու մէջ, արժանանալով զանազան շքանշաններու։ Հայկ, որ ընտանիքին մէկ հատիկ զաւակն էր, ծրագրած էր ամուսնանալ 2016ի ամրան, սակայն Ապրիլ 2ին, այլ զինակիցի մը հետ սպաննուեցաւ, երբ հայկական այլ դիրքի մը զէնք հասցնելէ ետք՝ իր դիրքը վերադառնալու ճամբուն վրայ իրենց փոխադրակառքը կը շրջապատուի ատրպէյճանցի մեծաթիւ ներխուժողներու կողմէ. ան մինչեւ վերջին շունչ կը կռուի թշնամիին դէմ։ Ատրպէյճանցիները բարբարոսաբար գլխատած են զինք։ Հայկ Թորոյեանի ընտանիքին յանձնուած է 1000 տոլար։

0000MherYerznkyanWOS – Մհեր Երզնկեան (ծնեալ՝ 1995ին) ծաղիկներու սիրահար մըն էր եւ ընտանիքի տան պարտէզին մէջ ծաղիկներու յատուկ անկիւն մը պատրաստած էր։ Անոր ծնողքը՝ Արամայիսն ու Արմինէն, Մհերը կը նկարագրեն իբրեւ աշխոյժ եւ կենսալից երիտասարդ։ Մհերը իր դպրոցական ուսումը կիսատ ձգած էր 9րդ դասարանին՝ որոշելով ոսկեգործ դառնալ, եւ անոր պատրաստած մէկ խաչը այժմ կը զարդարէ անոր բնակարանին մէջ զետեղուած հերոսին լուսանկարը։ Մհեր, առողջական պատճառներով, երեք տարի ուշացումով սկսած էր բանակային իր պարտադիր ծառայութեան՝ այս տարուան Յունուարին. անոր զինակիցները կը յայտնեն, թէ ան որոշած էր բանակին մէջ մնալ նոյնիսկ պարտադիր ծառայութենէն ետք։ Մհեր նահատակուեցաւ Ապրիլ 5-6ի գիշերը։ Երզնկեանի ընտանիքին յանձնուած է 2000 տոլար, որուն 1000 տոլարը՝ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի աշակերտներուն կողմէ։

Նշենք, որ Երեւանէն հինգ այլ նահատակներու՝ Բագրատ Ալեքսանեանի, Տիգրան Բերակչեանի, Սասուն Մկրտչեանի, Հրաչ Մուրատեանի եւ Արմենակ Ուրֆանեանի ընտանիքներուն այցելած էին Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի աշակերտները։