image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է Մելգոնեանցի բառարանագէտ Բարսեղ Թուղլաճեան

Ոչ եւս է Մելգոնեանցի բառարանագէտ Բարսեղ Թուղլաճեան

ԺԱՄԱՆԱԿ/Պոլիս-Այս առաւօտ իր տան մէջ մահկանացուն կնքած է պոլսահայ յայտնի բառարանագէտ, համայնագիտարաններու ու պատմական գիրքերու հեղինակ Բարսեղ Թուղլաճեան: Շրջանէ մը ի վեր ան տկարացած էր տարիքի բերմամբ ու այլեւս ի վիճակի չէր աշխատալու:

Բարսեղ Թուղլաճեան ծնած էր Պոլսոյ մէջ, 1933-ին: Մէկն էր պոլսահայ սակաւաթիւ բախտաւորներէն, որոնք առիթ ունեցած են ուսանելու Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ: Թուղլաճեան ապա անցած էր Ամերիկա ու հմտացած անգլերէնի մէջ, վերադարձին անգլերէնի ուսուցիչ եղած էր բազմաթիւ վարժարաններու մէջ: Բայց անոր բուն առաքելութիւնը կայացաւ բառարաններու ու համայնագիտարաններու պատրաստութեան մէջ: Փաստաթուղթեր, տուեալներ, պատկերներ եւ ամէ ինչ հաւաքելու անօրինակ յատկութիւն մը ունէր: Նշանաւոր եղան Պալեաններու մասին անոր հեղինակած թրքերէն ու անգլերէն գիրքերը: Շնորհք Պատրիարքի թելադրութեամբ ան պատրաստած էր նաեւ Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներու պատմութեան գիրք մը: Իր վերջին իրագործումը եղաւ կոթողային աշխատանք մը՝ «Արեւմտեան աշխարհի հայերը» (Պաթը էրմէնիլէրի): Այս հսկայածաւալ գործին հինգերորդ հատորն ալ հրատարակելէ վերջ անհանգստացաւ ու հրապարակէ քաշուեցաւ:

Այս ցաւալի կորուստին առթիւ մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք կողակցին իրմա Թուղլաճեանին ու որդւոյն՝ Սայաթին: