Կիւմրիի մէջ պիտի տեղադրուի հասարակական գործիչ եւ Հայ Մարմանկրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադիրներէն համարուող Վահան Չերազի (Ծնած ՝Պոլիս 1886-ին) կիսանդրին: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնկան Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Մկրտիչեան, որ միութեան 100-ամեակի ( որ կը զուգադիպի յառաջիկայ 2018 տարին) առթիւ սպասուող միջոցառումներուն մասին տրուած ասուլիսին ընթացքին (որ տեղի ունեցած է Պէյրութի մէջ) Չերազի կիսանդրիի զետեղման մասին տրուած տեղեկութիւնէն, բացի նոյնպէս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ պիտի կատարուին շարք մը միջոցառումներ, որոնք պիտի եզրափակուին յոբելինական հանդիսութեամբ:
Նշենք, որ Վահան Չերազ մեծ հայրն է հայրենի վաստակաւոր լրագրող Վահան Իշխանեանին: