image
Հրատապ լուրեր:

Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը վերապատրաստման անվճար դասընթացքներ կը սկսի Սուրիայէն տեղահանուած անձերու համար

Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը վերապատրաստման անվճար դասընթացքներ կը սկսի Սուրիայէն տեղահանուած անձերու համար

Ընթացիկ տարուան Ապրիլի 3-էն սկսեալ, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանին մէջ կը սկսի քառամսեայ անվճար դասընթացք մը՝ Սուրիայէն տեղահանուած անձերու համար: Ծրագիրը կը գործադրուի աջակցութեամբը l’Oeuvre d’Orient բարեսիրական կազմակերպութեան:


Դասընթացքներու նպատակն է պատերազմի պատճառով Սուրիայէն Լիբանան տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն օգնել, որ անոնք ձեռք բերեն լեզուական, արհեստագիտական եւ արհեստներու վերաբերեալ նոր գիտելիքներ կամ զարգացնեն իրենց ունեցած գիտելիքները՝ նշեալ մարզերուն մէջ:


Դասընթացքները ուղղուած են 16-էն վեր տարիք ունեցող՝ նշեալ խումբի երկսեռ անդամներուն: Դասանիւթերն են՝ լեզուներ, համակարգչային գիտութիւններ եւ արհեստներ:


Դասընթացքներու տեւողութիւնը կը կազմէ 16 շաբաթ. կը նպատակադրուի իւրաքանչիւր մասնակիցի համար ապահովել նուազագոյնը մէկ լեզուի, համակարգչային գիտութիւններու մէկ ճիւղի եւ մէկ արհեստի ուսուցում:


Դասընթացքները տեղի կ’ունենան Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանին մէջ, շաբաթը 5 օր՝ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00 – 8:00:


Դասընթացքներու աւարտին մասնակիցներուն պիտի շնորհուի համապատասխան վկայագիր:


Դիմորդներու արձանագրութիւնները սկսած են: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կը խնդրուի դիմել Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի քարտուղարութիւն, հասցէն՝ Պուրճ Համուտ, Արաքս փողոց, հեռ. 01260504:


22 Մարտ, 2017

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի