image

Մեծն Ֆէյրուզի նոր շարականը «Քու Թագաւորութիւնդ» (Տեսանիւթ)

Մեծն Ֆէյրուզի նոր շարականը «Քու Թագաւորութիւնդ» (Տեսանիւթ)

Լիբանանցի մեծ երգչուհի Ֆէյրուզ նոր շարական հրապարակած է, «Քու Թագաւորութիւնդ» խորագրով, Ս. Զատիկի տօնի առթիւ:

Ան նոր շարականը կատարած է Ալ-Հարֆ վանքի Սուրբ Գէորգ (Սուրբ Ճորճիոս) եկեղեցւոյ մէջ:  Շարականի արտադրութիւնն ու բեմադրումը պատրաստած է Ռիմա Րահպանին:

Նշենք, որ Ֆէյրուզի վերջին արտադրութիւնը եղած էր 2010-ին, «Էյհ ֆի ամալ» («Այո, յոյս կայ») ձայնասկաւառակը:

Ֆէյրուզի խոհուն ներկայութիւնը եւ աղօթքի ոգեղէնութեան հասնող երգերը կը շարունակեն մնալ  արաբական աշխարհի ընդհանուր պատկերը  եզերող  մշտական արժէքներ: