image

Պուէնոս Այրէս 24 Ապրիլը հռչակած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր

Պուէնոս Այրէս 24 Ապրիլը հռչակած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր

Պուէնոս Այրէսի քաղաքային օրէնսդիր մարմինը՝ 20 Ապրիլին կայացած նիստով՝ հաւատարիմ մնալով Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Յանձնառութեան՝ Ապրիլ 24-ը յայտարարած է թրքական պետութեան կողմէն իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր` «Յիշողութիւն, ճշմարտութիւն, արդարութիւն եւ փոխհատուցում» կարգախօսին ներքոյ: Այս մասին կը յայտնէ «Prensa Armenia»:

Օրէնսդիր մարմնի մարդու իրաւունքներու երաշխաւորման եւ հակախտրականութեան յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Գամբանիոլիի եւ օրէնսդիր Գարլոս Թոմատայի համահեղինակած բանաձեւը կը վերաբերի նաեւ Ապրիլ 24-ին Արժանթինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի կեցավայրին դիմաց նախատեսուած ձեռնարկին, որ պիտի յաջորդէ տեղի հայ համայնքին կազմակերպած երթին:

Քաղաքային օրէնսդիր մարմինը նաեւ հաւանութիւն տուած է այդ օրը կայանալիք ձեռնարկներուն: