Երէկ Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Միհրան Խրիմեանը: Միհրան հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանի համեստ հայ ընտանիքի զաւակ էր, որ կանուխ տարիքէն մասնակից դարձած է շրջանի միութենական կեանքին:
Նախ, որպէս պատանի, ապա, որպէս ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան անդամ միշտ ալ եղած է իր պարտականութեան գիտակցող երիտասարդ մը:
Մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ տարիներուն Միհրան, նման իր սերնդակիցներուն, համեստ մասնակցութիւն մը բերած է հայկական թաղերու պաշտպանութեան գործին:
Խրիմեան ուսումը ստացած է «Հայկազեան» համալսարանին մէջ ու միեւնոյն ժամանակ աշխատած է, որպէս ժամագործ եւ ակնոցավաճառ:
Վերջին տարիներուն Միհրան յաջողած էր հիմնել իր սեփական վաճառատունը «Արաքս» փողոցին վրայ:
Ամուսնացած էր եւ հայր էր երկու զաւակներու:
Աներեր ժպիտով եւ հայու բարի կամքով յատկանշուող Միհրան Խրիմեանի յիշատակը վառ պիտի մնայ իր հարազատներուն եւ սիրելիներու սրտերուն մէջ: