image

Հալէպահայ 13 ամեայ դաշնակահար Յարութ Ամիրխանեան մենահամերգ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ

Հալէպահայ 13 ամեայ դաշնակահար Յարութ Ամիրխանեան մենահամերգ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ

Երեւանի Չայկովսկիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցի 6-րդ դասարանի աշակերտ հալէպահայ Յարութ Ամիրխանեան դաշնամուրի վրայ մենահամերգ պիտի տայ:

Համերգը տեղի պիտի ունենայ 30 մայիս 2017-ին, Չայկովսկիի անուան դպրոցի «Տ. Հայրապետեան»ի անուան մեծ դահլիճին մէջ, ժամը 17:00-ին: Յարութի դասատուն է՝ Ռ. Գէորգեան:

Նշենք, որ Յարութ Ամիրխանեան մինչեւ 9 տարեկան ապրած է Հալէպի մէջ, ուր յաճախած է ՀԲԸՄ-ի ԼՆԳԿ վարժարանը: Սուրիոյ պատերազմի պատճառով 2012-էն ի վեր ընտանիքին հետ տեղափոխուած եւ հաստատուած է Երեւան: