image
Հրատապ լուրեր:

Լեւոն եւ Ռիթա Պապայանները միացան իրենց զաւակներուն

Լեւոն եւ Ռիթա Պապայանները միացան իրենց զաւակներուն

Երէկ 23 յունիսին «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան «Փրկէ կեանք մը» ծրագիրով Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուեցան Լեւոն եւ Ռիթա Պապայեանները:

«Զուարթնոց»  օդակայանին մէջ անոնց դիմաւորեցին «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի ներկայացուցիչները։ Պապայեան ընտանիքի Հալէպէն Հայաստան տեղափոխումը հնարաւոր դարձաւ IDeA հիմնադրամի ցուցաբերած նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ:

Նշենք, որ Լեւոն եւ Ռիթա Պապայեաններ Երեւանի մէջ միացան իրենց զաւկին՝ Յովսէփի ընտանիքին եւ թոռներուն, որոնք Հայաստան ժամանած էին 2016-ի նոյեմբերին, նոյնպէս «Հալէպ» բարեսիրական միութեան եւ անհատ բարերարներու ջանքերով: