Փարիզեանհիւանդանոցներէն մէկուն մէջ այսօր առաւօտ իր մահկանացուն կնքած է Սուրիոյ պաշտպանութեան նախկին նախարար զօր. Մուսթաֆա Թլասը (85 տարեկան):
Այս մասին լուրը փոխանցեց LBCI կայանը յայտնելով նաեւ, որ Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի սերտ գործակիցներէն համարուող Թլաս կը տառապէր ծանր հիւանդութիւնէ:
Թլաս Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը վարած է 1974-էն 2004 ժամանակաշրջանին:
Յիշեցնենք, որ զօր. Թլաս կեդրոնական դեր ունեցած է ձախողութեան մատնելու նախագահ Ասատի եղբօր Ռիֆհաթ Ասատի կողմէ 1984 թուականին կատարուած յեղաշրջման փորձը:
Ան նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան օրերուն կը համարուէր հայր Ասատի «հին պահակներու խումբ»ի կեդրոնական դէմքերէն մին, իսկ անոր որդին Մանաֆ Թլաս, որ նախագահական պահակագունդի կարեւոր դէմքերէն էր Սուրիոյ տագնապի առաջին օրերուն դէմ ելաւ իշխանութեան ու ապա հեռացաւ երկրէն: