image

Պէյրութ. Մահացած է Արփի Ատալեանը

Պէյրութ. Մահացած է Արփի  Ատալեանը

Յետ   կարճատեւ հիւանդութեան  Պէյրութի  մէջ իր մահկանացուն կնքած է    Արփի Ատալեանը (Ծնեալ ՝ Սիսլեան):  Այս  մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի  իր աղբիւրէն:

Հանգուցեալը  ծնած էր Պէյրութ` 1970-ին,երկար տարիներ աշխոյժ  գործունէութիւն  ծաւալած   Հ.Մ.Մ. Պէյրութի  մասնաճիւղէն ներս:  Հանգուցեալը     տարիներ առաջ  պաշտօնավարած է  Հ.Կ.Բ.Մ.  «Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան» վարժարանէն ներս  իսկ    վերջին տարիներուն     ուսուցչութեամբ կ'ըզբաղուէր   Հայ Աւետարանական  Շամլեան Թաթիկեան   երկրորդական վարժարանէն ներս:

Արփի Ատալեանի յուղարկաւորութիւնն ու  թաղումը   տեղի պիտի ունենայ  այսօր`   յետմիջօրէի   ժամը 3:00-ին`    Ռըմէյլի  Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ  մէջ, ուրկէ  հանգուցեալին մարմինը    պիտի փոխադրուի   Պուրճ  Համուտի  Ազգային գերեզմանատան  մէջ:

Հանգուցեալը    կինն էր    Լեւոն Ատալեանին եւ  մայրը  երկու   զաւակներու`  Նարեկ եւ Կարէն Ատալեաններուն:

«Արեւելք»  այս տխուր առթիւ իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ   հանգուցեալի  սիրելիներուն եւ հարազատներուն: