image

Յունաստանէն Պէյրութ մեկնող ամերիկեան օդանաւի մը առեւանգումը եւ ուղեւորո մը սպանութիւնը

Յունաստանէն Պէյրութ մեկնող ամերիկեան օդանաւի մը առեւանգումը եւ ուղեւորո մը սպանութիւնը

Լիբանանեան « ԱլՍահիֆէ» թերթը իր մէկ յօդուածով անդրադարձաւ Գանատյի եւ Լիբանանի միջեւ ուղիղ թռիչքի չգոյութեանը, հակառակ որ Գանատայի մէջ լիբանանեան մեծ գաղութի ներկայութեան:  

Բացայայտեց, որ պատճառը 1985-ին պատահած ահաւոր դէպքն է, երբ զինեալներ առեւանգեցին Աթինայէն Պէյրութ մեկնող ամերիկեան օդանաւ մը եւ պահանջեցին ազատ արձակել իսրայէլեան բանտերու մէջ գտնուող 700 բանտարկեալներ: Այդ դէպքի ընթացքին մարդ մը սպանուեցաւ, իսկ 15 հոգի պատանդ առնուեցաւ:

Առաւել, աԱյդ շրջանին  Հըզպ Ալլան Լիբանանի մէջ առեւանգեց ամերիկացի կարգ մը քաղաքացիներ:

Նշենք, որ գանատական իշխանութիւնները միշտ փափաքած են վերականգնելու ուղիղ թռիչքի հնարաւորութիւնը, բայց ամերիկեան իշխաննութիւներու ճնշումով այդ փափաքները անիրագործելի կը մնան: