image

Ազրպէյճան. Աճ արձանագրած են մանկապղծութեան դէպքերը

Ազրպէյճան. Աճ  արձանագրած  են մանկապղծութեան դէպքերը

Այս ամառ  երեւելի աճ գրանցած  է  Ազրպէյճանի մէջ մանկապղծութեան դէպքերու թիւը:

 minval.az-ը յայտնած է, թէ Սախիլ աւանի 73-ամեայ  մարդ  մը  ոստիկանութեան դիմելով յայտնած է, որ իրենց  բակին մէջ խաղացող  իր 10- ամեայ թոռնուհիին դէմ սեռական բռնութեան փորձ կատարուած է եւ ոստիկանութիւնը 1988-ի ծնունդ յանցագործը  յայտնաբերելով ձերբակալած է   յանձագործը:

Նշենք, որ տարբեր լրատուամիջոցներ անդրադաձած են, որ նման դէպքերու աճ  գրանցուած է ամբողջ երկրին մէջ:

Հոգեբան, բժշկական գիտութիւններու թեկնածու Այան Իմանովայի խօսքով՝ մանկապիղծներու համար երեխաներ  խաբելը դիւրին է, քանի որ երեխաները շուտ կը հաւատան, յատկապէս երբ չարագործները խօսին երեխայի մօր կամ հօր անունով: